YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 40

40
ՅՈՎՍԷՓ ԲԱՆՏԱՐԿԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԵՐԱԶՆԵՐԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ
1Այս բաներէն յետոյ՝ Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակը եւ հացագործը իրենց տիրոջը, Եգիպտոսի թագաւորին դէմ յանցանք գործեցին։ 2Փարաւոն բարկացաւ իր երկու ներքինիներուն, գլխաւոր մատռուակին ու գլխաւոր հացագործին դէմ 3Եւ զանոնք դահճապետին տանը բանտին մէջ բանտարկեց, ուր Յովսէփ բանտարկուած էր։ 4Դահճապետը Յովսէփին ապսպրեց անոնց համար ու անիկա կը ծառայէր անոնց։ Անոնք ատեն մը բանտը մնացին։
5Եգիպտոսի թագաւորին մատռուակն ու հացագործը, որոնք բանտին մէջ կապուած էին, երկուքն ալ մէկ գիշեր մէկմէկ երազ տեսան, ամէն մէկուն երազին նշանակութեանը պէս։ 6Յովսէփ առտուն անոնց եկաւ ու տեսաւ զանոնք, որ խռովեր էին։ 7Իր տիրոջը տունը իրեն հետ բանտարկուած Փարաւոնի ներքինիներուն հարցուց՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ համար ձեր երեսները տրտում են այսօր»։ 8Անոնք ըսին. «Երազ տեսանք ու զանիկա մեկնող չկայ»։ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Չէ՞ որ Աստուծոյ կը վերաբերին մեկնութիւնները, աւա՜ղ, պատմեցէ՛ք ինծի»։
9Մատռուակապետը իր երազը պատմեց Յովսէփին ու ըսաւ անոր. «Երազիս մէջ #40:9 Եբր., եւ ահատեսայ որ՝ ՝ առջեւս որթատունկ մը կար, 10Որուն վրայ երեք ուռ կային։ Ան բողբոջելուն պէս ծաղիկ բացաւ ու անոր ողկոյզները խաղող հասցուցին։ 11Փարաւոնին գաւաթը ձեռքս էր։ Խաղողները առի եւ Փարաւոնին գաւաթին մէջ ճմլեցի ու գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուի»։ 12Յովսէփ անոր ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. երեք ուռը երեք օր է. 13Երեք օրէն ետքը Փարաւոնը գլուխդ բանտէն պիտի արձակէ ու քեզ նորէն քու պաշտօնիդ պիտի դարձնէ եւ Փարաւոնին գաւաթը անոր ձեռքը պիտի տաս՝ անոր մատռուակը եղածիդ սովորութեանը պէս։ 14Բայց քեզի բարիք եղած ատեն զիս միտքդ բեր, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի բարութիւն ըրէ եւ զիս Փարաւոնին առջեւ յիշելով՝ զիս այս տունէն դուրս հանէ. 15Քանզի իրաւցընէ գողցուեցայ Եբրայեցիներու երկրէն եւ հոս ալ բան մը չըրի որ զիս այս գուբը նետեն»։
16Երբ հացագործը տեսաւ որ աղէկ մեկնութիւն տուաւ, ըսաւ Յովսէփին. «Ես ալ երազիս մէջ տեսայ, որ գլխուս վրայ երեք ճերմակ սակառ ունէի 17Եւ ամենէն վրայի սակառին մէջ Փարաւոնին համար հացագործի շինած ամէն տեսակ կերակուրներէն կար ու թռչունները կ’ուտէին զանոնք գլխուս վրայի սակառէն»։ 18Յովսէփ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ատոր մեկնութիւնը այս է. 19Երեք սակառը երեք օր է. երեք օրէն յետոյ Փարաւոն վրայէդ պիտի վերցնէ քու գլուխդ ու քեզ ծառէ մը պիտի կախէ եւ թռչունները քու մարմինդ պիտի ուտեն»։
20Երրորդ օրը Փարաւոնին ծննդեան օրն էր, ուստի իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք ըրաւ եւ իր ծառաներուն մէջ գլխաւոր մատռուակն ու գլխաւոր հացագործը բանտէն հանեց 21Ու դարձուց մատռուակապետը իր պաշտօնին եւ անիկա գաւաթը Փարաւոնին ձեռքը տուաւ. 22Բայց հացագործը կախել տուաւ, ինչպէս Յովսէփ մեկներ էր անոնց։ 23Սակայն մատռուակը միտքը չբերաւ Յովսէփը, այլ մոռցաւ զանիկա։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 40: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in