YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 41

41
ՅՈՎՍԷՓ ՓԱՐԱՒՈՆԻՆ ԵՐԱԶԸ ԿԸ ՄԵԿՆԷ
1Լման երկու տարի յետոյ, Փարաւոն երազին մէջ տեսաւ որ գետին եզերքը կայներ էր։ 2Ահա գետէն գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ մարմնով եօթը երինջներ ելան ու մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։ 3Անոնց ետեւէն՝ գետէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով ու միւս երինջներուն քով գետին եզերքը կայնեցան։ 4Եւ զազիր տեսքով ու նիհար մարմնով երինջները կերան եօթը գեղեցիկ տեսքով ու պարարտ երինջները։ 5Ետքը Փարաւոնը արթնցաւ։ Եւ քնացաւ ու երկրորդ անգամ երազին մէջ տեսաւ որ մէկ ծղօտի վրայ եօթը պարարտ ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին։ 6Ահա անոնց ետեւէն եօթը նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։ 7Այս նիհար հասկերը կլլեցին եօթը պարարտ ու լեցուն հասկերը։ 8Փարաւոն արթնցաւ եւ ահա երազ էր։ Առտուն անոր հոգին նեղուեցաւ ու կանչել տուաւ Եգիպտոսի բոլոր մոգերը եւ բոլոր իմաստունները ու Փարաւոն պատմեց անոնց իր երազները, բայց մէկը չկար, որ զանոնք Փարաւոնին մեկնէր։
9Այն ատեն մատռուակապետը խօսեցաւ Փարաւոնին՝ ըսելով. «Այսօր ես իմ յանցանքներս կը յիշեմ։ 10Երբ Փարաւոն բարկացաւ իր ծառաներուն ու զիս դահճապետին տունը բանտը դրաւ, զիս ու գլխաւոր հացագործը. 11Նոյն գիշերը ես ու անիկա երազ տեսանք. ամէն մէկս իր երազին նշանակութեանը պէս երազ տեսանք։ 12Հոն մեզի հետ դահճապետին ծառան, Եբրայեցի պատանի մը կար, որուն պատմեցինք, անիկա մեկնեց մեզի մեր երազները. իւրաքանչիւրիս իր երազին պէս մեկնեց։ 13Ու ինչպէս անիկա մեզի մեկնեց, այնպէս եղաւ. ես իմ պաշտօնիս դարձայ ու անիկա կախուեցաւ»։
14Այն ատեն Փարաւոն մարդ ղրկեց ու կանչեց Յովսէփը։ Շուտով բանտէն հանեցին զանիկա եւ ածիլուեցաւ ու իր հանդերձները փոխեց ու Փարաւոնին եկաւ։ 15Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազ տեսայ ու զանիկա մեկնող մը չկայ եւ քեզի համար լսեցի որ կ’ըսեն, թէ լսած երազդ կը մեկնես»։ 16Եւ Յովսէփ պատասխան տուաւ Փարաւոնին ու ըսաւ. «Ոչ թէ ես, այլ Աստուած Փարաւոնին պիտի տայ նպաստաւոր պատասխան մը»։
17Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Երազիս մէջ տեսայ որ գետին եզերքը կայներ էի 18Եւ ահա գետէն եօթը երինջներ ելան պարարտ մարմնով ու գեղեցիկ տեսքով եւ մարգագետնին վրայ կ’արածուէին։ 19Անոնց ետեւէն ուրիշ եօթը երինջներ ելան՝ նիհար ու խիստ զազիր տեսքով եւ վտիտ մարմնով, որոնց պէս զազիր բնաւ տեսած չէի Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ։ 20Եւ նիհար ու զազիր երինջները կերան այն եօթը պարարտ երինջները։ 21Անոնց փորը մտնելէն ետքը՝ չէր գիտցուեր թէ անոնք անոնց փորը մտան. հապա անոնց տեսքը առաջուանին պէս զազիր էր։ Ետքը արթնցայ։ 22Եւ դարձեալ երազիս մէջ տեսայ՝ որ ահա մէկ ծղօտի վրայ եօթը լեցուն ու աղէկ հասկեր կ’ելլէին 23Եւ ահա անոնց ետեւէն եօթը չոր, նիհար ու խորշակահար հասկեր կը բուսնէին։ 24Նիհար հասկերը կլլեցին այն եօթը աղէկ հասկերը։ Ու պատմեցի մոգերուն, բայց մէկը չկայ որ ինծի մեկնէ»։
25Եւ Յովսէփ ըսաւ Փարաւոնին. «Մէկ է Փարաւոնին երազը. Աստուած իր ընելիքը յայտնեց Փարաւոնին։ 26Եօթը աղէկ երինջները եօթը տարի են եւ եօթը աղէկ հասկերը եօթը տարի են. երազը մէկ է։ 27Եւ անոնց ետեւէն ելած եօթը նիհար ու զազիր երինջները եօթը տարի են եւ եօթը պարապ ու խորշակահար հասկերը եօթը տարուան սով է։ 28Փարաւոնին յայտնուածը այս է. Աստուած իր ընելիքը Փարաւոնին ցուցուցեր է։ 29Ահա բոլոր Եգիպտոսի երկրին մէջ եօթը տարի մեծ առատութիւն պիտի գայ 30Եւ անոնց ետեւէն եօթը տարի սով պիտի գայ ու Եգիպտոսի երկրին մէջ բոլոր առատութիւնը պիտի մոռցուի եւ սովը պիտի սպառէ երկիրը 31Ու երկրին մէջ առատութիւնը պիտի չգիտցուի՝ անկէ ետքը գալու սովին պատճառաւ. վասն զի խիստ սաստիկ պիտի ըլլայ։ 32Երազը երկու անգամ Փարաւոնին կրկնուելուն պատճառը այս է, որ այս բանը Աստուծմէ հաստատուեցաւ եւ Աստուած շուտով պիտի ընէ զայն։ 33Ուստի հիմա թող Փարաւոն հանճարեղ ու իմաստուն մարդ մը գտնէ ու զանիկա Եգիպտոսի երկրին վրայ կեցնէ։ 34Թող Փարաւոն այսպէս ընէ ու երկրի վրայ գործակալներ դնէ ու Եգիպտոսի երկրին արմտիքներէն առատութեան եօթը տարիներուն մէջ հինգէն մէկը առնէ։ 35Եւ այն գալու աղէկ տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեն ու Փարաւոնին ձեռքին տակ ցորեն դիզեն եւ քաղաքներուն մէջ պաշար պահեն։ 36Եգիպտոսի մէջ գալիք եօթը տարուան սովին դէմ այս պաշարը երկրին համար պահուի, որպէս զի երկիրը սովէն չկորսուի»։
ՅՈՎՍԷՓ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ Կ’ԸԼԼԱՅ
37Այս բանը Փարաւոնին աչքին ու անոր բոլոր ծառաներուն աչքին աղէկ երեւցաւ։ 38Եւ Փարաւոն ըսաւ իր ծառաներուն. «Կրնա՞նք գտնել ասոր պէս մէկը, որ իր ներսիդին Աստուծոյ Հոգին ունենայ»։ 39Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Որովհետեւ Աստուած այս ամէնը քեզի գիտցուց, քեզի պէս հանճարեղ ու իմաստուն չկայ։ 40Դուն իմ տանս վրայ կեցիր եւ իմ բոլոր ժողովուրդս քու բերանդ նային։ Ես միայն աթոռով քեզմէ մեծ ըլլամ»։ 41Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ահա քեզ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուցի»։ 42Եւ Փարաւոն իր ձեռքէն մատանին հանեց ու Յովսէփին մատը դրաւ եւ անոր բեհեզէ հանդերձներ հագցուց ու անոր պարանոցը ոսկի մանեակ անցուց։ 43Ապա՝ զանիկա իր երկրորդ կառքը հեծցուց ու կը պոռային անոր առջեւէն. «Ծնրադրեցէ՛ք» եւ Եգիպտոսի բոլոր երկրին վրայ կեցուց զանիկա։ 44Եւ Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Ես Փարաւոն եմ առանց քեզի բնաւ մէկը իր ձեռքը կամ իր ոտքը չվերցնէ Եգիպտոսի բոլոր երկրին մէջ»։ 45Փարաւոն Յովսէփին անունը #41:45 Այսինքն, Երկրին փրկիչըՓսոմփթոմփանէ դրաւ եւ Արեգ քաղաքին՝ ՝ Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթը անոր կնութեան տուաւ։ Յովսէփ Եգիպտոսի երկիրը պտըտելու ելաւ։
46Եւ Յովսէփ Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին առջեւ ելած ատեն երեսուն տարեկան էր։ Յովսէփ Փարաւոնին առջեւէն ելաւ ու Եգիպտոսի բոլոր երկիրը պտըտեցաւ։ 47Եւ առատութեան եօթը տարիներուն մէջ երկիրը խիստ շատ արդիւնք տուաւ։ 48Եգիպտոսի եօթը տարիներուն բոլոր պաշարը հաւաքեց ու քաղաքներու մէջ դրաւ պաշարը. ամէն քաղաքի բոլորտիքը եղած արտերուն պաշարը նոյն քաղաքին մէջ դրաւ։ 49Յովսէփ ծովու աւազին չափ խիստ շատ ցորեն դիզեց. այնպէս որ հաշիւի չգալուն համար չափելը ձգեց։
50Սովին տարիներուն գալէն առաջ՝ Յովսէփին երկու որդի ծնան, որ Արեգ քաղաքին Պետափրա քուրմին աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։ 51Յովսէփ անդրանիկին անունը #41:51 Այսինքն, մոռցնողՄանասէ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի մոռցուց իմ բոլոր վիշտերս ու իմ հօրս բոլոր տունը»։ 52Եւ երկրորդին անունը #41:52 Այսինքն, պտղաբերԵփրեմ դրաւ, քանզի ըսաւ. «Աստուած իմ տառապանքիս երկրին մէջ աճեցուց զիս»։
53Ու Եգիպտոսի առատութեան եօթը տարիները անցան։ 54Յովսէփին ըսածին պէս՝ սովի եօթը տարիները գալ սկսան։ Բոլոր երկիրներուն մէջ սով եղաւ, բայց բոլոր Եգիպտոսի մէջ հաց կար։ 55Երբ Եգիպտոսի բոլոր երկիրը անօթեցաւ, ժողովուրդը հացի համար Փարաւոնին աղաղակեց։ Փարաւոն ըսաւ բոլոր Եգիպտացիներուն. «Յովսէփին գացէք. ինչ որ ձեզի ըսէ, զայն ըրէք»։ 56Ու երկրի բոլոր երեսին վրայ սով եղաւ եւ Յովսէփ բացաւ բոլոր շտեմարանները ու Եգիպտացիներուն պաշար ծախեց։ Սովը սաստկացաւ Եգիպտոսի մէջ։ 57Ու բոլոր աշխարհէն Եգիպտոս կու գային՝ Յովսէփէն պաշար ծախու առնելու. վասն զի ամէն երկրի մէջ սովը սաստկացաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 41: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in