YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 44

44
ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԳԱՒԱԹԸ
1Յովսէփ իր տանը վերակացուին հրաման ըրաւ՝ ըսելով. «Այս մարդոց քուրձերը տանել կրցածնուն չափ լեցուր ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին բերանը դիր։ 2Եւ ամենէն պզտիկին քուրձին բերանը՝ իմ գաւաթս, արծաթ գաւաթը ու իր պաշարին ստակը դիր»։ Անիկա Յովսէփին ըսած խօսքին պէս ըրաւ։
3Առտուն լուսցածին պէս մարդիկը ղրկուեցան, իրենք ու իրենց էշերը։ 4Անոնք քաղաքէն դեռ հեռացած չէին երբ Յովսէփ իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Ելի՛ր, այն մարդոց ետեւէն վազէ ու անոնց հասիր ու ըսէ անոնց. ‘Ինչո՞ւ բարիքին փոխարէն չարիք հատուցանեցիք։ Ինչո՞ւ իմ տիրոջս գաւաթը գողցաք։ 5Այս այն չէ՞, որուն մէջէն իմ տէրս կը խմէ ու անով կը հմայէ. այսպէս ընելով գէշութիւն ըրիք’»։ 6Վերակացուն հասաւ անոնց եւ ըսաւ անոնց այդ նոյն խօսքերը։ 7Անոնք ըսին անոր. «Ինչո՞ւ իմ տէրս այսպիսի խօսքեր կ’ըսէ. քա՛ւ լիցի որ քու ծառաներդ այսպիսի բան մը ընեն։ 8Ահա մեր քուրձերուն բերանը գտած ստակնիս Քանանի երկրէն քեզի բերինք. ուրեմն ի՞նչպէս քու տիրոջդ տունէն արծաթ կամ ոսկի պիտի գողնանք։ 9Քու ծառաներէդ որո՛ւն քով որ գտնուի, թող անիկա մեռնի ու մենք ալ մեր տիրոջը ծառաներ ըլլանք»։ 10Անիկա ըսաւ. «Հիմա ճիշդ ձեր ըսածին պէս թող ըլլայ. որուն քով որ գտնուի, ան ինծի ծառայ ըլլայ ու դուք անպարտ ըլլաք»։ 11Ուստի ամէն մէկը արտորալով իր քուրձը գետին իջեցուց ու ամէն մէկը իր քուրձը բացաւ 12Եւ անիկա մեծէն սկսաւ փնտռել ու մինչեւ պզտիկը նայեցաւ։ Եւ գաւաթը Բենիամինին քուրձին մէջ գտնուեցաւ։
13Այն ատեն իրենց հանդերձները պատռեցին եւ ամէն մէկը իր էշը բեռցուց ու քաղաք դարձան։ 14Եւ Յուդան ու անոր եղբայրները Յովսէփին տունը եկան եւ անիկա տակաւին հոն էր ու անոր առջեւ գետինը ինկան։ 15Եւ Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այս ի՞նչ բան է որ ըրիք. չէ՞ք գիտեր որ ինծի պէս մարդ մը անշուշտ կը հմայէ»։ 16Յուդան ըսաւ. «Իմ տիրոջս ի՜նչ ըսենք, ի՜նչ խօսինք, կամ ի՜նչպէս արդարանենք ինքզինքնիս։ Աստուած քու ծառաներուդ յանցանքը բռնեց։ Ահա մենք մեր տիրոջ ծառաներ ենք, մենք ալ՝ անիկա ալ՝ որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ»։ 17Յովսէփ ըսաւ. «Քա՛ւ լիցի որ ես այդպէս ընեմ. հապա այն մարդը, որուն քով գաւաթը գտնուեցաւ, միայն անիկա ինծի ծառայ թող ըլլայ ու դուք խաղաղութեամբ ձեր հօրը ելէք»։
ՅՈՒԴԱ Կ’ԱՂԱՉԷ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
18Այն ատեն Յուդան մօտեցաւ անոր ու ըսաւ. «Ո՜հ, տէ՛ր իմ, շնորհք ըրէ, թող քու ծառադ խօսք մը խօսի իմ տիրոջս ականջներուն ու ծառայիդ վրայ քու բարկութիւնդ չբորբոքի. վասն զի դուն Փարաւոնին պէս ես։ 19Իմ տէրս իր ծառաներուն հարցուց՝ ըսելով. ‘Հայր կամ եղբայր ունի՞ք’։ 20Եւ մենք ըսինք մեր տիրոջը թէ՝ ‘Ծեր հայր մը ունինք եւ թէ անիկա իր ծերութեան ատենը ծնած պզտիկ որդի մը ունի, որուն եղբայրը մեռած է եւ միայն անիկա իր մօրմէն մնացած է ու անոր հայրը կը սիրէ զանիկա’։ 21Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Ինծի իջեցուցէք զանիկա, որ #44:21 Եբր., աչքս անոր վրայ դնեմտեսնեմ’։ 22Եւ իմ տիրոջս ըսինք. ‘Տղան իր հայրը չի կրնար ձգել. քանզի եթէ իր հայրը ձգելու ըլլայ, անիկա պիտի մեռնի’։ 23Եւ քու ծառաներուդ ըսիր. ‘Եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը ձեզի հետ չիջնէ, իմ երեսս անգամ մըն ալ պիտի չտեսնէք’։ 24Ու երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս քով ելանք, իմ տիրոջս խօսքերը պատմեցինք անոր։ 25Երբ մեր հայրը կրկին ըսաւ՝ ‘Գացէք նորէն ու մեզի քիչ մը կերակուր ծախու առէք’ 26Մենք ըսինք. ‘Չենք կրնար իջնել։ Եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ ըլլայ, այն ատեն կ’իջնենք. վասն զի պիտի չկրնանք տեսնել այն մարդուն երեսը, եթէ մեր պզտիկ եղբայրը մեզի հետ չըլլայ’։ 27Եւ քու ծառադ՝ իմ հայրս՝ ըսաւ մեզի. ‘Դուք գիտէք որ իմ կինս երկու որդի ծնաւ ինծի 28Եւ մէկը քովէս ելաւ’։ Ու ես ըսի՝ ‘Անշուշտ գազանէ մը գիշատուած է ու մինչեւ հիմա զինք չտեսայ’։ 29Եւ եթէ ասիկա ալ քովէս առնէք ու անոր փորձանք մը պատահի, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզմանը պիտի իջեցնէք»։ 30Ուստի հիմա, երբ քու ծառայիդ՝ իմ հօրս՝ երթամ ու տղան մեզի հետ չըլլայ, անոր հոգին տղուն հոգիին հետ կապուած ըլլալով, 31Երբ տեսնէ թէ տղան մեզի հետ չէ, պիտի մեռնի եւ ծառաներդ քու ծառայիդ՝ մեր հօրը՝ ճերմակ մազերը տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնենք։ 32Վասն զի ծառադ տղուն համար իմ հօրս երաշխաւոր եղայ՝ ըսելով. ‘Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ հօրս յաւիտեան յանցաւոր ըլլամ’։ 33Ուստի հիմա կ’աղաչեմ քեզի, տղուն տեղ ծառադ իմ տիրոջս ծառայ թող ըլլայ եւ տղան իր եղբայրներուն հետ թող ելլէ. 34Քանզի եթէ տղան ինծի հետ չըլլայ, ի՞նչպէս ելլեմ իմ հօրս. չըլլայ որ իմ հօրս գալու փորձանքը տեսնեմ»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 44: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in