YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 45

45
ՅՈՎՍԷՓ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ
1Յովսէփ չկրցաւ զսպել ինքզինք բոլոր իր քով կայնողներուն առջեւ ու պոռաց. «Քովէս դո՛ւրս հանեցէք բոլոր մարդիկը»։ Երբ Յովսէփ ինքզինք իր եղբայրներուն ճանչցուց, քովը մարդ մը չկեցաւ։ 2Ձայնը բարձրացնելով լացաւ։ Եգիպտացիք լսեցին ու Փարաւոնին տունն ալ լսեց։ 3Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ես Յովսէփն եմ. իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ Եղբայրները չէին կրնար պատասխան տալ անոր, վասն զի անոր առջեւ ապշած մնացին։ 4Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ինծի մօտ եկէք»։ Անոնք ալ մօտ եկան եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը Յովսէփն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։ 5Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար։ 6Քանզի երկրիս վրայ սովին երկրորդ տարին է այս եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան, ո՛չ ալ հունձք պիտի ըլլայ։ 7Աստուած զիս ձեր առջեւէն ղրկեց՝ որպէս զի երկրի վրայ ձեզի սերունդ պահէ եւ մեծ ազատութիւնով ձեզ ապրեցնէ։ 8Արդ՝ զիս հոս ղրկողը դուք չէք, հապա Աստուած է ու զիս Փարաւոնին հայր եւ իր բոլոր տանը տէր ու Եգիպտոսին իշխան դրաւ։ 9Շուտով իմ հօրս ելէք ու ըսէք անոր՝ այսպէս կ’ըսէ քու Յովսէփ որդիդ. ‘Աստուած բոլոր Եգիպտոսի տէր ըրաւ զիս. մի՛ ուշանար, ինծի իջիր 10Եւ Գեսեմի երկրին մէջ բնակէ, որպէս զի իմ մօտ ըլլաս, դուն ու քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ որդիները եւ հօտերդ ու արջառներդ եւ քու բոլոր ունեցածդ։ 11Հոն քեզ պիտի սնուցանեմ. վասն զի տակաւին հինգ տարի սով կայ. չըլլայ որ դուն ու քու տունդ եւ քու բոլոր ունեցածդ չքաւորութիւն քաշէք’։ 12Ահա ձեր աչքերը ու իմ եղբօրս Բենիամինին աչքերը կը տեսնեն, որ ձեզի խօսողը իմ բերանս է։ 13Եգիպտոսի մէջ իմ ունեցած բոլոր փառքս ու ձեր բոլոր տեսածը պատմեցէք իմ հօրս եւ շուտով իմ հայրս հոս իջեցուցէք»։ 14Եւ իր եղբօրը Բենիամինին պարանոցին վրայ ինկաւ ու լացաւ։ Բենիամինն ալ անոր պարանոցին վրայ լացաւ։ 15Իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ եւ անկէ ետքը միայն իր եղբայրները իրեն խօսեցան։
16Այս լուրը Փարաւոնին տանը մէջ լսուեցաւ թէ Յովսէփին եղբայրները եկեր են։ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն հաճելի եղաւ։ 17Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներուդ ըսէ՝ ‘Ձեր անասունները բեռցուցէք ու Քանանի երկիրը գացէք 18Եւ ձեր հայրն ու ձեր ընտանիքները առէք ու ինծի եկէք եւ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ տեղը ձեզի պիտի տամ ու երկրին պարարտութենէն պիտի ուտէք։ 19Եւ քեզի հրաման եղաւ, որ ձեր տղաքներուն համար ու ձեր կիներուն համար Եգիպտոսի երկրէն կառքեր առնէք ձեզի եւ ձեր հայրը բերէք։ 20Ձարե կարասիներուն #45:20 Եբր., ձեր աչքը չխնայէմի՛ նայիք՝ ՝. վասն զի բոլոր Եգիպտոսի բարիքը ձերն է’»։
21Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Յովսէփ անոնց կառքեր տուաւ Փարաւնին խօսքին պէս ու ճամբու համար պաշար տուաւ անոնց։ 22Անոնց ամէն մէկուն զատ զատ փոխելու հանդերձներ տուաւ, բայց Բենիամինին երեք հարիւր կտոր արծաթ ու հինգ ձեռք փոխելու հանդերձ տուաւ 23Եւ իր հօրը հետեւեալ բաները ղրկեց՝ տասը էշ Եգիպտոսի բարիքներով բեռցուած եւ տասը էգ էշ ցորենով ու հացով եւ ուտելիքներով բեռցուած, իր հօրը ճամբորդութեանը համար։ 24Այսպէս իր եղբայրները ղրկեց ու գացին եւ ըսաւ անոնց. «Ճամբուն մէջ չխռովիք»։
25Անոնք Եգիպտոսէն ելան ու դէպի Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ գացին 26Եւ անոր պատմեցին՝ ըսելով. «Յովսէփ տակաւին ողջ է ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին իշխանը անիկա է»։ Յակոբին սիրտը մարեցաւ, քանզի անոնց չհաւատաց։ 27Անոր պատմեցին Յովսէփին բոլոր խօսքերը, որոնք իրենց ըսեր էր։ Երբ տեսաւ Յովսէփին ղրկած կառքերը զինք տանելու համար, անոնց հօրը Յակոբին հոգին ողջնցաւ։ 28Եւ Իսրայէլ ըսաւ. «Բաւական է. իմ որդիս Յովսէփ տակաւին ողջ է. երթամ ու մեռնելէս առաջ տեսնեմ զանիկա»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 45: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in