YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 47

47
1Յովսէփ եկաւ ու պատմեց Փարաւոնին ու ըսաւ. «Իմ հայրս ու եղբայրներս եւ անոնց հօտերն ու արջառները եւ անոնց բոլոր ունեցածը եկան Քանանի երկրէն եւ ահա Գեսեմի երկիրն են»։ 2Իր եղբայրներէն հինգ մարդ առաւ ու զանոնք Փարաւոնին ներկայացուց։ 3Փարաւոն ըսաւ անոր եղբայրներուն. «Ի՞նչ է ձեր արհեստը»։ Եւ անոնք Փարաւոնին ըսին. «Քու ծառաներդ հովիւներ ենք, մենք ալ, մեր հայրերն ալ»։ 4Նաեւ ըսին Փարաւոնին. «Այս երկրին մէջ պանդխտանալու եկանք. վասն զի Քանանի երկրին մէջ սովին սաստկանալուն համար, քու ծառաներուդ հօտերուն արածելիք չկայ, ուստի հիմա կ’աղաչենք, թող ծառաներդ Գեսեմի երկրին մէջ բնակին»։ 5Փարաւոն խօսեցաւ Յովսէփին՝ ըսելով. «Քու հայրդ ու եղբայրներդ քեզի եկան. 6Եգիպտոսը առջեւդ է. քու հայրդ ու եղբայրներդ երկրին ամենէն աղէկ տեղը բնակեցուր. Գեսեմի երկրին մէջ թող բնակին եւ եթէ անոնց մէջ ճարպիկ մարդիկ կան, զանոնք իմ հօտերուս վրայ վերակացու ըրէ»։
7Յովսէփ իր հայրը բերաւ ու Փարաւոնին առջեւ հանեց։ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը։ 8Փարաւոն ըսաւ Յակոբին. «Քու կեանքիդ տարիներուն օրերը ո՞րչափ են»։ 9Եւ Յակոբ ըսաւ Փարաւոնին. «Իմ պանդխտութեանս տարիներուն օրերը հարիւր երեսուն տարի են. իմ կեանքիս տարիներուն օրերը քիչ ու ցաւով եղան ու իմ հայրերուս պանդխտութեան օրերուն մէջ եղած իրենց կեանքին տարիներուն օրերուն չհասան»։ 10Եւ Յակոբ օրհնեց Փարաւոնը ու դուրս ելաւ Փարաւոնին առջեւէն։
11Յովսէփ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ կողմը, Ռամսէսի երկրին մէջ, բնակեցուց իր հայրն ու եղբայրները եւ անոնց կալուածք տուաւ, ինչպէս Փարաւոն հրամայեր էր։ 12Յովսէփ իր հայրն ու եղբայրները եւ իր հօրը բոլոր տունը անոնց ընտանիքներուն համեմատ հացով կը սնուցանէր։
13Բոլոր երկրին մէջ հաց չկար, վասն զի սովը խիստ սաստկացաւ ու Եգիպտոսի երկիրը եւ Քանանի երկիրը սովին պատճառաւ նուազեցան։ 14Յովսէփ պաշար ծախու առնողներէն՝ Եգիպտոսի երկրին մէջ ու Քանանի երկրին մէջ գտնուած բոլոր ստակը հաւաքեց եւ Փարաւոնին տունը տարաւ ստակը։ 15Երբ Եգիպտոսի ու Քանանի ստակը հատաւ, բոլոր Եգիպտացիները եկան Յովսէփին ու ըսին. «Մեզի հաց տուր։ Ստակ չըլլալուն համար ինչո՞ւ մեռնինք քու առջեւդ»։ 16Յովսէփ ըսաւ. «Ձեր անասունները բերէք եւ եթէ ստակ չկայ, ձեր անասուններուն փոխարէն տամ ձեզի»։ 17Անոնք իրենց անասունները Յովսէփին բերին եւ Յովսէփ հաց տուաւ անոնց՝ ձիերուն փոխարէն ու ոչխարներուն փոխարէն եւ արջառներուն փոխարէն ու էշերուն փոխարէն եւ այն տարին զանոնք հացով կերակրեց իրենց բոլոր անասուններուն փոխարէն։
ՍՈՎԸ
18Եւ երբ լմնցաւ այն տարին, հետեւեալ տարին եկան անոր ու ըսին. «Մեր տիրոջմէն չենք պահեր որ ստակը հատաւ եւ մեր անասուններն ալ մեր տիրոջը եղան. ալ բան մը չմնաց մեր տիրոջը առջեւ, բացի մեր անձերն ու երկիրը։ 19Ինչո՞ւ համար քու աչքիդ առջեւ մեռնինք մենք ու մեր երկիրը։ Մեզ ու մեր երկիրը հացով ծախու առ եւ մենք մեր երկիրովը Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք եւ սերմ տուր մեզի որպէս զի ապրինք ու չմեռնինք եւ երկիրը ամայի չըլլայ»։ 20Յովսէփ բոլոր երկիրը Փարաւոնին համար ծախու առաւ, քանզի Եգիպտացիներու վրայ սովին սաստիկ ըլլալուն համար՝ անոնց ամէն մէկը իր արտը ծախեց ու երկիրը Փարաւոնին եղաւ։ 21Եգիպտոսի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը՝ ժողովուրդը #47:21 Եբր., քաղաքներուքաղաքէ քաղաք՝ ՝ փոխադրեց։ 22Միայն քուրմերուն երկիրը ծախու չառաւ. վասն զի քուրմերը Փարաւոնէն կապուած բաժին ունէին ու կ’ուտէին իրենց բաժինը, որ Փարաւոն կու տար անոնց։ Ատոր համար իրենց երկիրը չծախեցին։ 23Եւ Յովսէփ ըսաւ ժողովուրդին. «Ահա այսօր ծախու առի ձեզ ու ձեր երկիրը Փարաւոնին համար. արդ ձեզի սերմ կու տամ ու սերմանեցէք երկիրը 24Եւ երկրի արդիւնքին հինգէն մէկը Փարաւոնին պիտի տաք ու չորս մասը ձերը պիտի ըլլայ, որպէս զի արտին սերմ՝ ու ձեզի եւ ձեր տանը մէջ եղողներուն ու ձեր տղաքներուն ուտելիք ըլլայ»։ 25Անոնք ըսին. «Մեզ ապրեցուցիր. թող մեր տիրոջը առջեւ շնորհք գտնենք ու Փարաւոնին ծառաներ ըլլանք»։ 26Յովսէփ այս օրէնքը հաստատեց Եգիպտոսի երկրին մէջ մինչեւ այսօր՝ որ հինգէն մէկը Փարաւոնին ըլլայ. բացի քուրմերուն երկրէն, որ Փարաւոնին չեղաւ։
ՅԱԿՈԲԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔԸ
27Եւ Իսրայէլ կը բնակէր Եգիպտոսի երկրին մէջ, Գեսեմի երկիրը ու հոն կալուածք ստացան եւ աճեցան ու խիստ շատցան։
28Յակոբ Եգիպտոսի մէջ տասնըեօթը տարի ապրեցաւ ու Յակոբին կեանքին տարիներուն օրերը հարիւր քառասունըեօթը տարի եղան։ 29Երբ Իսրայէլին մեռնելու օրերը մօտեցան, կանչեց իր Յովսէփ որդին ու ըսաւ անոր. «Եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր եւ ինծի մարդասիրութիւն ու ճշմարտութիւն ըրէ. կ’աղաչեմ քեզի՝ զիս Եգիպտոսի մէջ մի՛ թաղեր. 30Հապա իմ հայրերուս հետ ննջեմ ու դուն զիս Եգիպտոսէն հանէ եւ զիս անոնց գերեզմանը թաղէ»։ Յովսէփ ըսաւ. «Ես քու ըսածիդ պէս պիտի ընեմ»։ 31Յակոբ ըսաւ. «Ինծի երդում ըրէ»։ Յովսէփ երդում ըրաւ անոր։ Եւ Իսրայէլ #47:31 Կամ, գաւազանինանկողնին գլխուն վրայ երկրպագութիւն ըրաւ։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 47: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in