YouVersion Logo
Search Icon

ԾՆՆԴՈՑ 48

48
ՅԱԿՈԲ ԵՓՐԵՄՆ ՈՒ ՄԱՆԱՍԷՆ Կ’ՕՐՀՆԷ
1Այս բաներէն յետոյ Յովսէփին ըսուեցաւ. «Ահա քու հայրդ հիւանդ է»։ Անիկա ալ իր երկու որդիները՝ Մանասէն ու Եփրեմը՝ իրեն հետ առաւ։ 2Յակոբին պատմուեցաւ ու ըսուեցաւ. «Ահա քու որդիդ Յովսէփ քեզի կու գայ»։ Իսրայէլ ուժովցաւ ու անկողնին վրայ նստաւ։ 3Եւ Յակոբ ըսաւ Յովսէփին. «Ամենակարող Աստուած Քանանի երկիրը Լուզի մէջ երեւցաւ ինծի ու օրհնեց զիս 4Եւ ըսաւ ինծի. ‘Ահա քեզ պիտի աճեցնեմ ու շատցնեմ եւ քեզ շատ ժողովուրդներու հայր պիտի ընեմ եւ այս երկիրը քեզմէ ետքը քու սերունդիդ յաւիտենական կալուածք ըլլալու պիտի տամ’։ 5Հիմա քու երկու որդիներդ, որոնք ծնան քեզի Եգիպտոսի մէջ, Եգիպտոս գալէս առաջ, իմս են. Եփրեմն ու Մանասէն Ռուբէնին ու Շմաւոնին պէս իմս պիտի ըլլան։ 6Անոնցմէ ետքը քու ծնած որդիներդ քուկդ ըլլան ու իրենց ժառանգութեանը մէջ իրենց եղբայրներուն անուններովը կանչուին։ 7Երբ Միջագետքէն կու գայի, Քանանի երկրին մէջ այն ճամբուն վրայ, որ տակաւին Եփրաթա երթալու քիչ մը տեղ կայ, Ռաքէլ մեռաւ իմ քովս ու զանիկա հոն Եփրաթայի՝ այսինքն Բեթլեհէմի ճամբուն մէջ թաղեցի»։
8Եւ Իսրայէլ տեսաւ Յովսէփին որդիները ու ըսաւ. «Ո՞վ են ասոնք»։ 9Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Իմ որդիներս են, որոնք Աստուած հոս ինծի տուաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, ինծի բեր զանոնք, որպէս զի օրհնեմ»։ 10Իսրայէլին աչքերը ծերութենէն ծանրացած էին, այնպէս որ չէր կրնար տեսնել։ Յովսէփ զանոնք մօտեցուց հօրը ու անիկա համբուրեց զանոնք ու գրկեց։ 11Ու Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ես չէի յուսար, որ քու երեսդ պիտի կրնամ տեսնել եւ ահա Աստուած ինծի քու սերունդդ ալ ցուցուց»։ 12Յովսէփ հանեց զանոնք անոր ծունկերէն եւ իր երեսը ծռեց մինչեւ գետինը եւ խոնարհութիւն ըրաւ։ 13Յովսէփ առաւ անոնց երկուքն ալ, Եփրեմը իր աջ ձեռքով Իսրայէլին ձախ կողմը եւ Մանասէն իր ձախ ձեռքով Իսրայէլին աջ կողմը ու մօտեցուց անոր։ 14Իսրայէլ իր աջ ձեռքը երկնցուց ու Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, որ պզտիկն էր ու իր ձախ ձեռքը Մանասէին գլխուն վրայ. անիկա խորհրդով իր ձեռքերը փոխեց, վասն զի Մանասէն անդրանիկն էր։ 15Օրհնեց Յովսէփը ու ըսաւ. «Այն Աստուածը, որուն առջեւ իմ հայրերս Աբրահամն ու Իսահակը քալեցին, այն Աստուածը, որ ծնած ատենէս մինչեւ հիմա զիս կերակրեց, 16Այն հրեշտակը, որ զիս ամէն տեսակ չարիքներէ ազատեց, օրհնէ այս տղաքները եւ իմ անունս ու իմ հայրերուս Աբրահամին եւ Իսահակին անունը ասոնց վրայ կանչուի ու երկրին մէջտեղը խիստ շատնան»։ 17Երբ Յովսէփ տեսաւ, որ իր հայրը աջ ձեռքը Եփրեմին գլխուն վրայ դրաւ, իրեն հաճելի չեղաւ, ուստի իր հօրը ձեռքը բռնեց, որպէս զի զանիկա Եփրեմին գլուն վրայէն Մանասէին գլխուն վրայ փոխադրէ։ 18Եւ Յովսէփ ըսաւ իր հօրը. «Ո՛չ այդպէս, հայր իմ. վասն զի անդրանիկը այս է։ Քու աջ ձեռքդ անոր գլխուն վրայ դիր» 19Իսկ հայրը չուզեց ու ըսաւ. «Գիտեմ, որդեա՛կ իմ. գիտեմ, ասիկա ալ ժողովուրդ պիտի ըլլայ եւ ասիկա ալ մեծ պիտի ըլլայ. բայց անոր պզտիկ եղբայրը անկէ աւելի մեծ պիտի ըլլայ ու անոր սերունդը խիստ մեծ ազգ պիտի ըլլայ»։ 20Եւ այն օրը օրհնեց զանոնք ու ըսաւ. «Իսրայէլ քեզմով պիտի օրհնէ, ‘Աստուած քեզ Եփրեմի պէս եւ Մանասէի պէս ընէ’» ըսելով ու Եփրեմը Մանասէէն առաջ դրաւ։
21Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Ահա ես կը մեռնիմ եւ Աստուած ձեզի հետ ըլլայ։ Ձեզ ձեր հայրերուն երկիրը պիտի դարձնէ։ 22Քու եղբայրներէդ մէկ բաժին աւելի տուի քեզի, որը Ամօրհացիներուն ձեռքէն իմ սրովս ու աղեղովս առի»։

Currently Selected:

ԾՆՆԴՈՑ 48: WARMB

Highlight

Share

Copy

None

Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in