1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:37-38
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Այն ատեն իր աշակերտներուն ըսաւ. – Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ։ Հետեւաբար խնդրեցէք հունձքի Տիրոջմէն, որ իր հունձքին համար մշակներ ղրկէ։
مقایسه
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:37-38 را جستجو کنید
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:13
Գացէք եւ սորվեցէք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ»։ Որովհետեւ չեկայ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:13 را جستجو کنید
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:36
Եւ տեսնելով ժողովուրդի բազմութիւնը, գթաց անոնց, որովհետեւ յոգնած էին եւ ցրուած՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:36 را جستجو کنید
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:12
Յիսուս երբ լսեց ասիկա, ըսաւ անոնց. – Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդները։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:12 را جستجو کنید
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:35
Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կ՚ուսուցանէր ժողովարաններուն մէջ, Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը կու տար եւ կը բժշկէր ժողովուրդին բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները։
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 9:35 را جستجو کنید
خانه
كتاب مقدس
برنامههای مطالعه
ویدیوها