1
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:35
Western Armenian Bible 1853
Եւ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ես եմ կենաց հացը. ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի։
Usporedi
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:35
2
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:63
Հապա ի՞նչ պիտի խորհիք, եթէ տեսնէք Որդի մարդոյ ելլելը, ուր առաջ էր։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:63
3
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:27
Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք, ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար, որ յաւիտենական կեանքի մէջ կը մնայ, որ Որդին մարդոյ ձեզի պիտի տայ, վասն զի Հայրն Աստուած զանիկա կնքեց»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:27
4
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:40
Քանզի զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան, ե՛ս ալ անոնց յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:40
5
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:29
Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոնց. «Այս է Աստուծոյ գործը, որ անոր ղրկածին հաւատաք»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:29
6
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:37
Այն ամէնը, որ Հայրը ինծի կու տայ, ինծի պիտի գան եւ ան, որ ինծի կու գայ, բնաւ դուրս պիտի չհանեմ։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:37
7
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:68
Այն ատեն Յիսուս տասներկուքին ըսաւ. «Միթէ դո՞ւք ալ կ’ուզէք երթալ»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:68
8
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:51
Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ.
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:51
9
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:44
Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ ու ես անոր յարութիւն առնել պիտի տամ վերջին օրը
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:44
10
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:33
Վասն զի Աստուծմէ տրուած հացը ա՛յն է, որ երկնքէն կ’իջնէ ու աշխարհի կեանք կու տայ»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:33
11
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:48
Ես եմ կենաց հացը։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:48
12
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:11-12
Յիսուս հացերը առաւ ու գոհացաւ եւ աշակերտներուն բաժնեց, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն։ Նոյնպէս ալ ձուկերէն՝ որչափ որ ուզեցին։ Երբ կշտացան, ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած կտորուանքները, որպէս զի բան մը չկորսուի»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:11-12
13
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:19-20
Երբ թի քաշելով քսանըհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին, տեսան Յիսուսը, որ ծովուն վրայէն քալելով՝ նաւուն կը մօտենար ու վախցան։ Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»։
Istraži ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 6:19-20
Početna
Biblija
Planovi
Videozapisi