1
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:13
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Արդ, եթէ դուք որ չար էք՝ գիտէք ձեր զաւակներուն լաւ պարգեւներ տալ, ձեր երկնաւոր Հայրը որքա՜ն աւելի լաւ պարգեւ մը՝ Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց, որոնք իրեն կը դիմեն։
Konpare
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:13
2
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:9
Ես ալ ձեզի կ՚ըսեմ.է Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:9
3
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:10
Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ եւ բաղխողին առջեւ դուռը պիտի բացուի։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:10
4
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:2
Յիսուս ըսաւ. – Երբ կ՚աղօթէք, ըսէք. «Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ. թող գայ արքայութիւնդ։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:2
5
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:4
Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը , քանի մենք ալ կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են։ Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք»։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:4
6
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:3
Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի օրէ օր։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:3
7
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:34
Աչքն է մարմնին ճրագը. երբ աչքդ առողջ է՝ ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ, իսկ երբ աչքդ վատառողջ է՝ ամբողջ մարմինդ խաւար կ՚ըլլայ։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:34
8
ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:33
Ոեւէ մէկը ճրագը վառելէ ետք չի պահեր կամ կաթսայի տակ չի դներ, այլ աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի ներս մտնողները լոյսը տեսնեն։
Eksplore ԸՍՏ ՂՈՒԿԱՍԻ 11:33
Akèy
Bib
Plan yo
Videyo