1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:24
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Հոգի է Աստուած, եւ անոր երկրպագուները պէտք է հոգիով եւ ճշմարտութեամբ զայն պաշտեն։
Bandingkan
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:24
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:23
Բայց ժամանակը կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները հոգիով եւ ճշմարտութեամբ պիտի պաշտեն Հայրը, որովհետեւ Հայրն ալ կ՚ուզէ որ իր երկրպագուները այդպիսին ըլլան։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:23
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:14
բայց ով որ իմ տալիք ջուրէս խմէ՝ յաւիտեան պիտի չծարաւնայ։ Ընդհակառակը, ջուրը որ ես պիտի տամ՝ անոր մէջ պիտի վերածուի աղբիւրի մը, որ ջուր կը ցայտէ եւ յաւիտենական կեանք կու տայ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:14
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:10
Յիսուս պատասխանեց. – Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՛վ է որ քեզի կ՚ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, հաւանաբարդո՛ւն իրմէջուր պիտի ուզէիր, եւ անիկա քեզի կենսատու ջուր պիտի տար։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:10
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:34
Յիսուս ըսաւ. – Իմ կերակուրս այն է՝ որ գործադրեմ զիս ղրկողին կամքը եւ լրումին հասցնեմ անոր գործը։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:34
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:11
Կինը ըսաւ. – Տէ՛ր, դուն դոյլ անգամ չունիս, եւ ջրհորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս կենսատու ջուրը։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:11
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:25-26
Կինը ըսաւ Յիսուսի. – Գիտեմ թէ Մեսիան, այսինքն Քրիստոսը պիտի գայ. երբ անիկա գայ՝ ամէն ինչ պիտի պատմէ մեզի։ Յիսուս ըսաւ. – Ե՛ս եմ անիկա, ես՝ որ հետդ կը խօսիմ։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:25-26
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:29
Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի։ Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը։
Telusuri ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 4:29
Beranda
Alkitab
Rencana
Video