ԾՆՆԴՈՑ 3
3
ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ
1Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։ 2Կինը օձին ըսաւ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, 3Բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’»։ 4Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. 5Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։
6Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի #3:6 Կամ, տեսնելուիմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ 7Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կարեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին։ 8Օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ Ադամ ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան։ 9Տէր Աստուած Ադամը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Ո՞ւր ես»։ 10Եւ անիկա ըսաւ. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասն զի մերկ էի ու պահուեցայ»։ 11Եւ Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես»։ 12Ադամ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։ 13Տէր Աստուած ըսաւ կնոջ «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ»։ Կինը ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ
14Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, փորիդ վրայ քալես ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես։ 15Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի #3:15 Եբր., զարնէջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի #3:15 Եբր., զարնեսխայթես»։ 16Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու #3:16 Եբր., փափաքդ էրկանդ ըլլայէրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։ 17Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ 18Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։ 19Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։
20Ադամ իր կնոջ անունը #3:20 Այսինքն, կեանքԵւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր։ 21Եւ Տէր Աստուած Ադամին ու անոր կնոջ կաշիէ հանդերձներ շինեց ու անոնց հագցուց։
ԱԴԱՄ ԵՒ ԵՒԱ ԴՐԱԽՏԷՆ ԿԸ ՎՌՆՏՈՒԻՆ
22Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթուլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի» 23Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէս զի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ։ 24Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար։
Terpilih Sekarang Ini:
ԾՆՆԴՈՑ 3: WARMB
Highlight
Kongsi
Salin
Ingin menyimpan sorotan merentas semua peranti anda? Mendaftar atau log masuk
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.