1
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:24
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Աստուած Հոգի է եւ իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով երկրպագութիւն ընեն»։
Porovnať
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:24
2
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:23
Բայց ժամանակ պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ ճշմարիտ երկրպագողները երկրպագութիւն պիտի ընեն Հօրը՝ հոգիով ու ճշմարտութիւնով, վասն զի Հայրն ալ իրեն այնպիսի երկրպագողներ կ’ուզէ։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:23
3
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:14
Այն ջուրը, որ ես անոր պիտի տամ, պիտի ըլլայ անոր ներսիդին ջուրի աղբիւր մը՝ որ յաւիտենական կեանքի համար կը բղխի»։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:14
4
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:10
Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Եթէ դուն գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ թէ ո՞վ է ան, որ քեզի կ’ըսէ, ‘Ինծի ջուր տուր խմելու’, դուն անկէ պիտի ուզէիր եւ ինք քեզի կենդանի ջուր պիտի տար»։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:10
5
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:34
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Իմ կերակուրս այն է, որ ես զիս ղրկողին կամքը ընեմ եւ անոր գործը կատարեմ։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:34
6
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:11
Կինը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, դուն բան մը չունիս ջուր քաշելու ու այս հորը խորունկ է. ուրեմն ուրկէ՞ պիտի ունենաս այն կենդանի ջուրը։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:11
7
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:25-26
Կինը ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ Մեսիան պիտի գայ, (Քրիստոս ըսուածը), երբ ինք գայ՝ ամէն բան մեզի պիտի պատմէ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ես՝ որ քեզի հետ կը խօսիմ՝ ան եմ»։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:25-26
8
ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:29
«Եկէ՛ք, տեսէ՛ք, մարդ մը՝ որ ըսաւ ինծի ամէն ինչ որ գործեր եմ. արդեօք անիկա՞ է Քրիստոսը»։
Preskúmať ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 4:29
Domov
Biblia
Plány
Videá