1
ՂՈԻԿԱՍ 21:36
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։
Porovnať
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:36
2
ՂՈԻԿԱՍ 21:34
«Իսկ դուք զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի.
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:34
3
ՂՈԻԿԱՍ 21:19
Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք»։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:19
4
ՂՈԻԿԱՍ 21:15
Վասն զի ես ձեզի բերան ու իմաստութիւն պիտի տամ, որուն պիտի չկրնան դէմ խօսիլ կամ դէմ կենալ ձեր բոլոր հակառակորդները։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:15
5
ՂՈԻԿԱՍ 21:33
Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնաւ պիտի չանցնին»։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:33
6
ՂՈԻԿԱՍ 21:25-27
«Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան. մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։ Այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին մարդոյ ամպի մէջ եկած զօրութիւնով ու մեծ փառքով։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:25-27
7
ՂՈԻԿԱՍ 21:17
Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք.
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:17
8
ՂՈԻԿԱՍ 21:11
եւ տեղ տեղ մեծ երկրաշարժներ պիտի ըլլան ու սովեր եւ մահտարաժամներ, նաեւ երկնքէն սոսկալի բաներ եւ մեծ նշաններ պիտի ըլլան։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:11
9
ՂՈԻԿԱՍ 21:9-10
Բայց երբ լսէք պատերազմներ եւ խռովութիւններ, մի՛ վախնաք, վասն զի պէտք է առաջ այդ բաները ըլլան, բայց վախճանը իսկոյն չէ»։ Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ.
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:9-10
10
ՂՈԻԿԱՍ 21:25-26
«Արեգակին եւ լուսնին ու աստղերուն վրայ նշաններ պիտի ըլլան ու երկրի վրայ ազգերը ապշութեամբ պիտի տագնապին եւ ծովն ու ալիքները պիտի գոռան. մարդոց սրտերը պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն, վասն զի երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:25-26
11
ՂՈԻԿԱՍ 21:10
Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն՝ թագաւորութեան վրայ.
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:10
12
ՂՈԻԿԱՍ 21:8
Ան ալ ըսաւ. «Զգոյշ կեցէք, չխաբուիք, վասն զի շատերը պիտի գան իմ անունովս ու ըսեն թէ՝ ‘Ես եմ Քրիստոսը ու ժամանակը մօտեցած է’. ուստի անոնց ետեւէն մի երթաք։
Preskúmať ՂՈԻԿԱՍ 21:8
Domov
Biblia
Plány
Videá