ԾՆՆԴՈՑ 1
1
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
1Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։ 2Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր։ 3Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։ 4Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։ 5Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ առաջին օրը եղաւ։
6Եւ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը հաստատութիւն ըլլայ եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։ 7Աստուած հաստատութիւնը ըրաւ ու հաստատութեանը տակ եղած ջուրերը հաստատութեանը վրայ եղած ջուրերէն զատեց ու այնպէս եղաւ։ 8Աստուած հաստատութիւնը Երկինք կոչեց եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երկրորդ օրը եղաւ։
9Աստուած ըսաւ. «Երկնքի տակ եղած ջուրերը մէկտեղ թող հաւաքուին ու ցամաքը երեւնայ» եւ այնպէս եղաւ։ 10Աստուած ցամաքին անունը Երկիր դրաւ ու հաւաքուած ջուրերը Ծով կոչեց։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։ 11Աստուած ըսաւ. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ» ու այնպէս եղաւ։ 12Ու երկիրը կանաչ խոտ, իր տեսակին պէս սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս սերմ ունեցող պտղաբեր ծառ հանեց։ 13Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երրորդ օրը եղաւ։
14Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ 15Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան» ու այնպէս եղաւ։ 16Եւ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար ու պզտիկ լուսաւորը գիշերուան իշխելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ։ 17Եւ Աստուած երկնքի հաստատութեանը մէջ դրաւ զանոնք, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան 18Եւ ցորեկուան ու գիշերուան իշխեն եւ լոյսը խաւարէն զատեն։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։ 19Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։
20Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։ 21Աստուած ստեղծեց մեծամեծ կէտերը եւ ամէն սողացող շնչաւոր կենդանի, որոնք ջուրերը առատ հանեցին իրենց տեսակին պէս ու ամէն թեւաւոր թռչուն՝ իր տեսակին պէս։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։ 22Աստուած օրհնեց զանոնք՝ ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք եւ ծովերուն մէջ եղած ջուրերը լեցուցէք. թռչուններն ալ երկրի վրայ թող շատնան»։ 23Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ հինգերորդ օրը եղաւ։
24Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ Եւ այնպէս եղաւ։ 25Աստուած երկրի գազանները իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու գետնի բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս ըրաւ։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։
26Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։ 27Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։ 28Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։
29Աստուած ըսաւ. «Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ։ Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան։ 30Ու երկրի բոլոր գազաններուն ու երկնքի բոլոր թռչուններուն եւ երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր սողուններուն՝ կերակուրի համար կանաչ խոտ տուի»։ Ու այնպէս եղաւ։
31Եւ Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ վեցերորդ օրը եղաւ։
Aktuálne označené:
ԾՆՆԴՈՑ 1: WARMB
Zvýraznenie
Zdieľať
Kopírovať
Chceš mať svoje zvýraznenia uložené vo všetkých zariadeniach? Zaregistruj sa alebo sa prihlás
Հայ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ © Bible Society in Lebanon, 1981.