ԾՆՆԴՈՑ 4

4
ԿԱՅԷՆ ԵՒ ԱԲԷԼ
1Եւ Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը ու ան յղացաւ ու #4:1 Այսինքն, ստացուածԿայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։ 2Եւ դարձեալ անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ եւ Աբէլ ոչխարներու հովիւ եղաւ, բայց Կայէն երկիրը կը մշակէր։ 3Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տէրոջը ընծայ բերաւ։ 4Եւ Աբէլ ինք ալ ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ։ Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ, 5Բայց Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ։ Ուստի Կայէն խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց։ 6Եւ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր. 7Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։
8Կայէն իր Աբէլ եղբօրը հետ խօսեցաւ ու երբ անոնք դաշտն էին, Կայէն իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա։ 9Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Անիկա ըսաւ. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։ 10Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ։ 11Դուն անիծեալ ես երկրէն, որ իր բերանը բացաւ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ընդունելու։ 12Երբ երկիրը մշակես, այսուհետեւ իր արդիւնքը պիտի չտայ քեզի, երկրի մէջ աստանդական ու թափառական ըլլաս»։ 13Կայէն ըսաւ Տէրոջը. «#4:13 Կամ, Իմ պատիժս կրելու կարողութենէսԻմ մեղքս թողութիւն գտնելու չափէն աւելի մեծ է։ 14Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ եւ պիտի ըլլայ որ, ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ»։ 15Տէրը ըսաւ անոր. «Ուրեմն ով որ Կայէնը սպաննէ, անկէ եօթնապատիկ վրէժ առնուի»։ Տէրը նշան մը դրաւ #4:15 Կամ, Կայէնին վրայԿայէնին, որպէս զի զանիկա գտնող մէկը չմեռցնէ զանիկա։
ԿԱՅԷՆԻՆ ՍԵՐՈՒՆԴԸ
16Կայէն Տէրոջը առջեւէն ելաւ ու Եդեմի արեւելեան կողմը, Նայիդ երկիրը բնակեցաւ։ 17Կայէն իր կինը գիտցաւ ու անիկա յղացաւ ու Ենովքը ծնաւ եւ քաղաք մը շինեց այն ատեն ու քաղաքին անունը՝ իր որդիին անուանը պէս՝ Ենովք դրաւ։ 18Եւ Ենովք ծնաւ Գայիրադը եւ Գայիրադ ծնաւ Մայիէլը ու Մայիէլ ծնաւ Մաթուսայէլը եւ Մաթուսայէլ ծնաւ Ղամէքը։ 19Ղամէք իրեն երկու կին առաւ. մէկուն անունը Ադդա ու միւսին անունը Սելլա էր։ 20Ադդա ծնաւ Յոբէլը, որ վրանաբնակներուն ու հովիւներուն հայրն էր։ 21Անոր եղբօրը անունը Յոբալ էր, որ բոլոր քնարահարներուն ու սրնգահարներուն հայրն էր։ 22Սելլա ալ ծնաւ Թոբէլկայէնը, որ պղնձէ ու երկաթէ ամէն տեսակ գործիք կը շինէր։ Թոբէլկայէնին քոյրը Նաամա էր։ 23Ղամէք իր կիներուն՝ Ադդային ու Սելլային ըսաւ. «Ձայնս լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղամէքի կիներ, ակա՛նջ դրէք իմ խօսքիս. վասն զի ես մարդ մը սպաննեցի ինծի վէրք ու երիտասարդ մը՝ ինծի պատուհաս ըլլալով։ 24Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։
ՍԷԹ ԵՒ ԵՆՈՎՍ
25Ադամ դարձեալ իր կինը գիտցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը #4:25 Այսինքն, դրուածՍէթ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի Կայէնին մեռցուցած Աբէլին տեղ ուրիշ սերունդ մը տուաւ»։ 26Սէթ ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Ենովս դրաւ։ Այն ատեն սկսան Տէրոջը #4:26 Կամ, անունովըանունը կանչել։

தற்சமயம் தேர்ந்தெடுக்கப்பட்டது:

ԾՆՆԴՈՑ 4: WARMB

சிறப்புக்கூறு

பகிர்

நகல்

None

உங்கள் எல்லா சாதனங்களிலும் உங்கள் சிறப்பம்சங்கள் சேமிக்கப்பட வேண்டுமா? பதிவு செய்யவும் அல்லது உள்நுழையவும்