1
ՄԱՏԹԷՈՍ 15:18-19
Արեւմտահայերէն Նոր Կտակարան, հարմարցուած․ 2017
Իսկ բերնէն ելած բաները սրտէն յառաջ կու գան եւ անոնք կը պղծեն մարդը։ Վասն զի սրտէն կ’ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ։
Порівняти
Дослідити ՄԱՏԹԷՈՍ 15:18-19
2
ՄԱՏԹԷՈՍ 15:11
ոչ թէ ինչ որ բերանը կը մտնէ՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ բերնէն կ’ելլէ՝ անիկա կը պղծէ մարդը»։
Дослідити ՄԱՏԹԷՈՍ 15:11
3
ՄԱՏԹԷՈՍ 15:8-9
‘Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինծմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով’»։
Дослідити ՄԱՏԹԷՈՍ 15:8-9
4
ՄԱՏԹԷՈՍ 15:28
Այն ատեն Յիսուս անոր ըսաւ. «Ո՛վ կին, քու հաւատքդ մեծ է, քու ուզածիդ պէս ըլլայ քեզի»։ Նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ։
Дослідити ՄԱՏԹԷՈՍ 15:28
5
ՄԱՏԹԷՈՍ 15:25-27
Բայց կինը եկաւ երկրպագութիւն ըրաւ անոր ու ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ ինծի»։ Ան ալ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել»։ Կինն ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։
Дослідити ՄԱՏԹԷՈՍ 15:25-27
Головна
Біблія
Плани
Відео