Մանուկներու Սուրբ ԳիրքըՕրինակ

Մանուկներու Սուրբ Գիրքը

ՕՐ 1 8-ից

Ո՞վ մեզի ստեղծեց։ Սուրբ Գիրքը, Աստուծոյ ևյօսքը, մեզի կը պատմե թե ինչպես մարդը ծնունդ առաւ։ Երկար ժամանակ առաջ, Աստուած ստեղծեց Ադամը աշխարհի հողեն ստեղծեց։ Երբ Աստուած կեանք փչեց Ադամի մեջ, ան կենդանացաւ։

Նախքան որ Ադամը ստեղծէ, Աստուած աշխարհը ստեղծեց եւ հրաշալի բաներով լեցուց զալն։ Քայլ առ քայլ Աստուած ստեղծեց լեռները, դաշտերը, անուշաբոյր ծաղիկները, երկար ծառերը, բիւրաւոր թռչունները եւ տզտզացող մեղուները, հզօր կետ ձուկերը եւ կպչուն խխունջները։ հրականութեան մեջ Աստուած ստեղծեց ամեն ինչ։

Սկիզբը, նախքան որ Աստուած ստեղծագործութեան անցնի, բան մը գոյութիւն չուներ բացի Աստուծմէ, ոչ մարդիկ, ոչ տեղեր եւ ոչ ալ ուրիշ բաներ։ Ոչինչ։ Ոչ լոյս, ոչ մութ։ Ոչ վեր, ոչ վար, ոչ երեկ եւ ոչ ալ վաղը։ Միայն Աստուած կար, որ սկիզբ չուներ։ Սակայն յանկարծ Աստուած գործի անցաւ։

Սկիզբը, Աստուած ստեղծեց երկինքը եւ երկիրները։

Աշխարհը պարապ էր եւ ձեւ մը չուներ։ Եւ մթութիւնը ամեն տեղ ծածկած էր։ Յետոյ Աստուած խօսեցաւ։ "Թող որ լոյս ըլլայ"։

Եւ լոյսը եղաւ։ Աստուած այս լոյսը կոչեց ցերեկ եւ մութը կոչեց գիշեր։ Եւ առտուն եւ իրիկունը եղան առաջին օրը։

Երկրորդ օրը, Աստուած ստեղծեց ովկիանոսներուն ջուրերը, ծովերը եւ լիճերը երկինքին տակ։ Երրորդը օրը, Աստուած ըսաւ, "Թող որ ցամաքը դուրս գայ"։ Եւ այդպես եղաւ։

Նոյնպէս Աստուած հրամայեց խոտին, ծաղիկներուն, թուփերուն եւ ծառերուն, որպեսզի երեւին։ Եւ անոնք երեւցան։ Եւ գիշերը ու ցերեկը եղան երրորդ օրը։

Ետքը Աստուած ստեղծեց արեւը, յետոյ լուսինը եւ զանազան աստղեր, որ անթիւ եւ անհամար են։ Եւ գիշերը ու ցերեկը եղան չորրորդ օրը։

Ծովու կենդանիները եւ ձուկերը ու թռչունները յաջորդն էին Աստուծոյ ծրագրին մէջ։ Հինգերորդ օրը Ան ստեղծեց հսկայ սղոցաձուկ եւ մանր ձուկեր, երկար ոտքերով թռչնազգիներ եւ փոքր թռչուններ։ Աստուած ստեղծեց ձուկերը, որ լեցնեն որ վայլելեն երկինքը, ծովերը եւ ցամաքը։ Եւ գիշերը ու ցերեկը եղան հինգերորդ օրը։

Այդկէ ետք, Աստուած անգամ մը եւս խօսեցաւ։ Ան ըսաւ. "Թող որ հողը առաջ բերէ ապրող էակներ..."։ Ամեն տեսակի անասուն, միջատ եւ սողուն գոյութեան եկան։ Կային հսկայ փիղեր եւ աշխուժ սկոյրներ։ Կապիկներ եւ կոկորդիլիոսներ։ Որդիներ եւ դաշտամուկեր։ Ընձուղտներ եւ կատուներ։ Ամեն տեսակի անասուն այդ օրը ստեղծուեցաւ Աստուծոյ հրամանով։

Եւ գիշերը ու ցերեկը եղան վեցերորդ օրը։

Վեցերորդ օրը Աստուած շատ հրաշալի բան մըն ալ ըրաւ։ Հիմա ամեն ինչ պատրաստ էր մարդուն համար։ Լեցուն ուտելիք կար եւ լեցուն անասուններ, որ զինք ծառայեն։ Եւ Աստուած ըսաւ. "Թող որ մարդը ստեղծուի մեր պատկերով, եւ թող որ ըլլայ Տէր աշխարհի վրայ"։ Եւ այս ձեւով Աստուած ստեղծեց մարդը հր պատկերով։ Աստուծոյ պատկերով Ան զինք ստեղծեց...

Աստուած խօսեցաւ Ադամի հետ։ "Կեր ինչ որ կը ցանկաս այս պարտեզ էն։ Սակայն բարիի եւ յարի գիտութեան ծառէն չուտես։ Եթէ ուտես այդ ծառէն վստահ որ պիտի մեռնիս"։

Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. "Լաւ չէ, որ մարդը առանձին մնայ։ Եւ անող օգնական մը պիտի ստեղծեմ"։ Աստուած Ադամի առջեւ բերաւ ամեն գազաններն ու թռչունները։

Ադամ ամէնուն անուն մը տուաւ։ Ան շատ խելացի պետք է, որ ըլլայ որ այդ գործը ամբողջացնէ։ Սակայն ամբողջ այդ անասուններուն եւ գազաններուն մէջ որեւէ կողակից չկար Ադամի։

Աստուած Ադամը խորունկ, շատ խորունկ քունի մը անցուց։ Ան Ադամի կողեն ոսկոր մը առաւ եւ Աստուած կինը ստեղծեց Ադամի կողի ոսկորէն։ Կինը, որ Աստուած ստեղծեց Ադամի լաւագոյն կողակիցը պիտի ըլլար։

Աստուած ամեն ինչ վեց օրուայ մէջ ստեղծեց։ Յետոյ Աստուած օրհնեց եօթներորդ օրը եւ հանգստեան օր հռչակեց։ Եդեմի Պարտեզին մէջ,

Ադամ եւ Եւա, իր կինը հրաշալի կեանք մը կ՛ապրեին Աստուծոյ հնազանդելով։ Աստուած անոնց Տերն էր, իրենց հայթայթողը եւ իրենց ընկերը։

Վերջ

Սուրբ Գրություն

Օր 2

Այս Ծրագրի Մասին

Մանուկներու Սուրբ Գիրքը

Ինչպես է սկսվել այդ ամենը: Որտեղ ենք եկել: Ինչու է աշխարհում այդքան տխուրությունը: Հույս կա: Կա կյանք մահից հետո: Գտնել պատասխանները, երբ կարդում եք այս աշխարհի ճշմարիտ պատմությունը:

More

Մենք ցանկանում ենք շնորհակալություն հայտնել Bible for Children, Inc.-ին այս ծրագիրը տրամադրելու համար: Լրացուցիչ տեղեկությունների համար այցելեք՝ https://www.bibleforchildren.org/languages/armenian/stories.php