Մանուկներու Սուրբ ԳիրքըՕրինակ
Երկար ժամանակ առաջ Աստուած Գաբրիել հրեշտակը ղրկեց ազնիւ հրեայ երիտասարդ կոյս աղջկայ մը քով, որ կը կոչուեր Մարիամ։
Հրեշտակը ըսաւ անոր, "Ղուն տղայ զաւակ մը պիտի ունենաս եւ պիտի կոչես Յիսուս։ Ան պիտի կոչուի որդին ամենաբարձրին։ Ան պիտի իշխե յաւիտեան"։
"Ինչպես կրնայ ըլլալ ասիկա", ապշած հարցուց իրեն կոյս աղջիկը։ "Տակափն տղամարդու հետ չեմ եղած"։ Հրեշտակը ըսաւ Մարիամին, որ "մանուկը պիտի գայ Աստուծմե եւ երկրաւոր հայր պիտի չունենար՛՛։
Ետքը հրեշտակը ըսաւ Մարիամին, որ իր հօրեղբօր աղջիկը էլիզապեթը որդի մը կ՚ունենայ իր ծեր տարիքին։ Ասիկա արդեն հրաշք մըն էր։ Մարիամի հանդիպումէն ետք էլիզապէթին երկուքը մէկ փառաբանեցին Աստուծոյ։
Մարիամ կը պատրաստուէր ամուսնանալու Յովսէփ կոչուող երիտասարդի մը հետ, Յովսէփ շատ տխրեցաւ, երբ լսեց, թէ զաւակ մը կը սպասէ։ Ան կարծեց, թէ ուրիշ երիտասարդ մըն էր անոր հայրը։
Երազի մեջ Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ Յովսէփին, թէ այս պզտիկը Աստուծոյ որդին է։ Յովսէփ պիտի օգներ Մարիամին մեծցնելու համար Յիսուսը։
Յովսէփ վստահեցաւ եւ հնազանդեցաւ Աստուծոյ։ Ան նաեւ հնազանդեցաւ իր երկրին օրուայ օրէնքներուն։ Նոր օրենքին համաձայն ինք եւ Մարիամ հեռացան իրենց մայր քաղաքէն Բեթղեհեմէն, որպեսզի վճարեն իրենց տուրքը։
Մարիամ պատրաստ էր ծննդաբերելու իր մանուկը, սակայն Յովսէփ չէր կրնար պարապ սենեակ մը գտնել։ Բոլոր պանդոկները լեցուն էին։
Վերջապես Յովսէփ գտաւ ախոռ մը։ Հոն Յիսուս Մանուկը ծնաւ։ Անոր մայրը իր քովը դրաւ մանուկը ամանին մեջ, ուր զետեղուած էր անասուններուն ուտելիքները։
Մօտերը հովիւներ իրենց հոտերը կը հսկեին։ Աստուծոյ հրեշտակը երեւցաւ եւ հրաշալի լուրը տուաւ անոնց։
"Այսօր ձեզի ծնաւ փրկիչ Դաւիթի քաղաքին մեջ, որ ինքը Քրիստոսն է։ Մանուկը պիտի գտնեք մսուրին մեջ՛՛։
Յանկարծ զանազան լուսաւոր հրեշտակներ երեւցան փառաբանելով Աստուծոյ եւ արտասանելով "փառք Աստուծոյ եւ խաղաղութիւն աշխարհին", Ամենաբարձրին լաւութիւնը մարդոց հանդեպ։
Հովիւները շուտով ախոռ շտապեցին։ Մանուկը տեսնելէ ետք, հրեշտակներուն տուած լուռը տարածեցին Յիսուսի մասին։
Ութը օր ետք Յովսէփ եւ Մարիամ Յիուսը բերին Երուսաղէմի տաճարը։ Հոն Սիմոն անունով մարդ մը կար, որ Աստուծոյ կը փառաբաներ մանուկին համար, անդին ծեր Աննան ուրիշ ծառայ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէր։
Երկուքն ալ գիտեին, որ Յիսուս որդին է Աստուծոյ, խոստացուած Փրկիչը։ Յովսէփ երկու թռչուն իբր զոհ մատուցանեց։ Այս էր մատուցումը Աստուծոյ օրենքին համաձայն, երբ աղքատ ընտանիք մը իրենց նոր ծնեալ զաւակը ներկայացուցին Աստուծոյ։
ժամանակ մը ետք, յատուկ աստղ մը, Արեւելքէն խոհեմ մարդիկը առաջնորդեց դեպի Երուսաղէմ. "Ո՞ւր է Ան, հրեաներուն թագաւորը, որ ծնաւ", հարցուցին անոնք "մենք կ՛ուզենք պաշտել զայն"։
Հերովդես թագաւոր լսեց այս խոհեմ մարդոց մասին, փորձանքի մեջ գտնուած, անոնցմէ խնդրեց, որ ցոյց տան Յիսուսի տեղը։ "Ես ալ կ՛ուզեմ զայն պաշտել", ըսաւ Հերովդէս. Բայց ան սուտ կը խօսէր։ Հերովդես կ՛ուզեր մեռցնել Յիսուսը։
Աստղը խոհեմ մարդիկը (մոգերուն) առաջնորդեց Մարիամի եւ Յովսէփի տեղը ուր Յիսուս Մանուկը կը գտնուէր։ Անոնք ծնկաչոք պաշտեցին եւ Յիսուսի թանկագին ոսկիե եւ անուշ հոտերէ նուէրներ տոլին։
Աստուած զգուշացուց խոհեմ մարդոց (մոգերուն), որ գաղտնի տուն դառնան։ Հերովդէս շատ շուարած եւ զայրացած էր։
Ան որոշած էր մեռցնել Յիսուսը, ոճրագործ կառավարիչը Բեթղեհեմի ամեն մանուկ տղաները մեռցուց։
Սակայն Հերովդէս չկրցաւ վնաս հասցնել Աստուծոյ որդիին, երազին մեջ զգուշացուած Յովսէփ առաւ Մարիամը եւ Յիսուս ապաւէն գտնելով Եգիպտոս։
Հերոդայի մահից հետո Մարիամն ու Հովսեփը Եգիպտոսից վերադարձան։ Անոնք ապրեցան պզտիկ քաղաքի մը մեջ, որ կը կոչուեր Նազարէթ, Կալիլիէ ծովուն մօտ։
Վերջ
Սուրբ Գրություն
Այս Ծրագրի Մասին
Ինչպես է սկսվել այդ ամենը: Որտեղ ենք եկել: Ինչու է աշխարհում այդքան տխուրությունը: Հույս կա: Կա կյանք մահից հետո: Գտնել պատասխանները, երբ կարդում եք այս աշխարհի ճշմարիտ պատմությունը:
More
Մենք ցանկանում ենք շնորհակալություն հայտնել Bible for Children, Inc.-ին այս ծրագիրը տրամադրելու համար: Լրացուցիչ տեղեկությունների համար այցելեք՝ https://www.bibleforchildren.org/languages/armenian/stories.php