Մանուկներու Սուրբ ԳիրքըՕրինակ

Մանուկներու Սուրբ Գիրքը

ՕՐ 7 8-ից

Երբ Յիսուս ապրեցաւ երկրի վրայ Ան իր աշակերտներուն պատմեց էրկինքի մասին։ Ան կոչեց, "հր հօրս բնակարանը" եւ ըսաւ, որ լեցուն ուրիշ պալատներ կան հոն։ Պալատը մեծ գեղեցիկ բնակարան ե։ Երկինքը աւելի մեծ եւ գեղեցիկ ե քան որեւե աշխարհի վրայ գտնուող բնակարան։

Յիսուս ըսաւ. "Ես կ՛էրթամ, որ ձեզի տեղ պատրաստեմ եւ երբ էրթամ եւ ձեզի տեղ պատրաստեմ պիտի վերադառնամ, եւ ձեզի ընդունիմ իբր իմս".

Յիսուս երկինք բարձրացաւ, երբ մեռելներեն յարութիւն առաւ։ Երբ իր աշակերտները կը դիտեին Յիսուս վեր կը բարձրացուեր եւ մեծ ամպ մը առաւ Անոր ու ծածկեց անոնց տեսողութիւնը։

Այդ օրեն ի վեր, քրիստոնեաները կը յիշեն Յիսուսի խոստումը, որ նորեն պիտի գայ, որ իրենց տանի։ Յիսուս ըսաւ, որ յանկարծ կրնայ վերադառնալ, երբ մեկը իրեն չսպասեր, անակնկալ։ Բայց ի՞նչ կ՚ըլլայ այն քրիստոնեաներուն, որ կը մահանան Յիսուսի գալէն առաջ։ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ, որ անոնք ուղղակի կ՛էրթան Յիսուսի հետ ըլլալու։ Մարմինէն հեռու ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ Յիսուսի հետ։

Յայտնութեան վերջին գիրքը Սուրբ Գիրքին, մեզի կը պատմէ, թե ինչ հրաշալի է երկինքը։ Ամէնէն հրաշալին այն է, որ շատ հիանալի ձեւով երկինքը Աստուծոյ բնակարանն է։ Աստուած ամեն տեղ է, բայց իր գահը էրկինքի մեջ է։

Հրեշտակները եւ ուրիշ երկնային էակներ կը պաշտեն Աստուծոյ էրկինքի մեջ։ Ինչպես նաեւ Աստուծոյ բոլոր ժողովուրդը, որ մեռաւ եւ երկինք բարձրացաւ։ Անոնք Աստուծոյ փառք կու տան շնորհալի երգերով։

Հետեւեալ բառերը մեկ երգեն են, որ կ՛երգեն։ Ղուն արժանի ես, որ մեզի հատուցանես Աստուծոյ քու արիւնովդ եւ դուրս բերիր ամեն ցեղերէ եւ երկիրներէ եւ մեզի թագաւորներ եւ քահանաներ դարձուցիր մեր Աստուծոյ (Ք6V/ 5:9)։

Սուրբ գիրքին վերջին էջերը կը ներկայացնեն երկինքը իբր "Նոր Երուսաղէմը"։ Ատիկա շատ– շատ մեծ է, երկար ցանկապատերով դուրսը։ Պատը թանկարժեք քարով է, ադամանդի պէս մաքուր։

Ոսկեղէնները եւ թանկարժեք քարերը կը կազմեն պատին կառոյցը, կը փայլփլին գեղեցիկ գոյներով։ Ամեն մէկ քաղաքի դռները շինուած են մեկական հսկայ լուլույով։

Այդ խոշոր լուլույով դռները երբեք չեն գոցուիր։ Քալեցէք ներս մտնենք եւ նայինք ինչեր կան... Օ՜հ, սքանչելի երկինքը նոյնիսկ աւելի գեղեցիկ էներսէն։ Քաղաքը ամբողջովին կառուցուած է մաքուր ոսկիով, ինչպես յստակ եւ մաքուր ապակի։ Նոյնիսկ ճամբաները ոսկիով շինուած են։

Գեղեցիկ, զուլալ գետի մը ջուրերը, որ կեանքի ջուրերն են կը հոսին Աստուծոյ գահէն։ Գետին երկու ափերուն կան կեանքի ծառերը, որ առաջին անգամ կը գտնուին Եդեմի պարտեզին մէջ։ Այս ծառը շատ յատուկ է։ Ան կը կրէ տասներկու տեսակ տարբեր տեսակի պտուղներ, ամեն ամիս տարբեր տեսակ։ Կեանքի ծառերուն տերեւները առողջութիւն եւ հանգստութիւն կու տան երկիրներուն։

Երկինքը պետք չունի արեւուն կամ լուսնին, որ լուսաւորուի, Աստուծոյ ինքնին շնորհքը կը լեցնէ հրաշալի լոյսով։ Հոն երբեք գիշեր չկայ։

Երկինքի մէջ նոյնիսկ անասունները տարբեր են։ Բոլորն ալ ընտելացած եւ ընկերային են։ Գայլերը եւ գառնուկները միասին Նոյն խոտէն կ՛ուտեն։ Նոյնիսկ հզօր առիւծները յարդ կ՛ուտեն, ինչպես եգերը։ Տերը կ՚ըսէ. "Իմ սուրբ լերան վրայ անոնք ոչ քանդում ոչ ալ վնաս պիտի ընեն"։

Երբ շուրջերնիս նայինք կը նկատենք, որ կարգ մը բաներ պակաս են երկինքի մէջ։ Հոն չենք լսեր որեւէ մէկ բարկութիւն կամ անախորժ բառ։

Որեւէ մեկը միւսին հետ չի կռոփր կամ անձնասիրութիւն չ՛ըներ։ Դռները կղպանքներ չունին, որովհետեւ երկինքի մէջ գողեր չկան։

Ստախօսներ չկան, ոճրագործներ, կախարդներ, կամ ուրիշ չար մարդիկ չկան։ Չկայ որեւէ տեսակի մեղք երկինքի մէջ։

Երկինքի մէջ Աստուծոյ հետ արցունք չկայ։ Ատեններ Աստուծոյ մարդիկը կու լան մեծ տխրութիւններու համար, այս կեանքին ընթացքին երկինքի մէջ, Աստուած ինքը պիտի սրբէ բոլոր արցունքները։

Նաեւ երկինքի մէջ մահ չկայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը միշտ եւ յաւիտեան պիտի ըլլայ Տիրոջ հետ։ Այլեւս վիշտ չկայ, ոչ ալ լացուկոծ, ոչ ալ ցաւ։ Չկայ հիւանդութիւն, ոչ ալ հրաժեշտ, ոչ ալ թաղում։ Բոլորը յաւիտեան ուրախ են երկինքի մէջ Աստուծոյ հետ։

Ամենալաւը, երկինքը տղոց ե՜լ աղջիկներուն (եւ չափահասներուն ալ) համար է, որոնք կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսին իբր իրենց փրկիչ եւ իրեն կը հնազանդին իբր իրենց տերը։

Երկինքի մէջ գիրք մը կայ, որ գառնուկին կեանքին գիրքը կը կոչուի։ Ան լեցուն է մարգոց անուններով։ Գիտես որո՞նց անունները արձանագրուած են հոն։ Ամեն մարգոց, որոնք իրենց վստահութիւնը յանձնած են Յիսուսի։ Քու անունդ ալ հո՞ն է։

Սուրբ Գիրքին վերջին բառերը երկինքի մասին հրաշալի հրաւէր են։ "Եւ հոգին եւ հարսը կ՛ըսեն. Եկուր, եւ ան որ ալ լսէ ասիկա թող ըսէ եկուր, եւ ով որ ալ ծարաւ կը զգալ թող գայ եւ ով որ ալ սրտագին փափաքի, թող որ ձրիօրէն առնէ կեանքի ջուրը՛՛։

Վերջ

Օր 6Օր 8

Այս Ծրագրի Մասին

Մանուկներու Սուրբ Գիրքը

Ինչպես է սկսվել այդ ամենը: Որտեղ ենք եկել: Ինչու է աշխարհում այդքան տխուրությունը: Հույս կա: Կա կյանք մահից հետո: Գտնել պատասխանները, երբ կարդում եք այս աշխարհի ճշմարիտ պատմությունը:

More

Մենք ցանկանում ենք շնորհակալություն հայտնել Bible for Children, Inc.-ին այս ծրագիրը տրամադրելու համար: Լրացուցիչ տեղեկությունների համար այցելեք՝ https://www.bibleforchildren.org/languages/armenian/stories.php