1
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:15-16
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն լոյս տայ։ Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փա ռաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է
Yenzanisa
Ongorora {{vhesi}}
2
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:14
Դուք էք աշխարհի լոյսը։ Լերան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուըտիլ։ ԽՔ 6 Շ
3
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:8
Երանի՜ անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն։
4
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:6
Երանի՜ անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։
5
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:44
Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարիք ըրէք ձեզ ատողներուն եւ աղօթեցէք անոնց համար, որոնք ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն։
6
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:3
Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը։
7
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:9
Երանի՜ անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին։
8
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:4
Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն։
9
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:10
Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը։
10
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:7
Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն։
11
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:11-12
Երանի՜ ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով՝ ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար։ Ցնծացէք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ։ Յիշեցէք որ նոյն ձեւով հալածանքի ենթարկուեցան ձեզմէ առաջ ապրող մարգարէներն ալ։
12
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:5
Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը։
13
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:13
Դուք էք երկրի աղը։ Բայց եթէ աղը իր համը կորսնցնէ, ինչո՞վ պիտի աղեն զայն։ Այլեւս ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ, հապա զայն կը թափեն, եւ մարդոց ոտքի կոխան կը դառնայ։
14
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:48
Արդ, դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս որ ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է։
15
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:37
Պարզապէս ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ոչ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ։
16
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:38-39
Լսեր էք որ ըսուած է. «Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ» ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.– Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։
17
ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 5:29-30
Եթէ աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։ Եթէ աջ ձեռքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, կտրէ եւ նետէ՛ զայն, որովհետեւ նախընտրելի է որ անդամներէդ մէկը կորսնցնես, քան թէ ամբողջ մարմինով դժոխք նետուիս։
Pekutangira
Bhaibheri
Zvirongwa
Mavideo