1
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:10
Western Armenian New Translation - Armenian Catholicosate of Cilicia - New Testament
Գողը կու գայ միայն գողնալու, սպաննելու եւ փճացնելու համար։ Ես եկայ՝ որպէսզի կեանք ունենան, եւ լեցուն կեանք ունենան։
Порівняти
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:10
2
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:11
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Իրաւ հովիւը իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար.
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:11
3
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:27
Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:27
4
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:28
եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին։ Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս։
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:28
5
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:9
Ե՛ս եմ դուռը։ Ով որ ինձմէ անցնելով ներս մտնէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ եւ ելլէ եւ ճարակ գտնէ։
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:9
6
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:14
Ե՛ս եմ իրաւ հովիւը։ Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:14
7
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:29-30
Հայրս այդ ոչխարները ինծի տուաւ, եւ ոչ ոք կրնայ յափշտակել զանոնք իմ Հօրս ձեռքէն, որովհետեւ Հայրս բոլորէն աւելի մեծ է։ Ես եւ Հայրս մէկ ենք։
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:29-30
8
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:15
այնպէս՝ ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես՝ Հայրը։ Ես կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:15
9
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:18
Ոչ ոք կրնայ կեանքս ինձմէ խլել։ Ես իմ կամքովս կեանքս կու տամ։ Իրաւունք ունիմ զայն տալու, ինչպէս նաեւ իրաւունք ունիմ զայն կրկին առնելու։ Ահա այսպէս պատուիրեց Հայրս ինծի։
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:18
10
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:7
Ուստի Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. – Հաստատ գիտցէք, թէ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:7
11
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:12
մինչ վարձկանը, որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, երբ կը տեսնէ որ գայլը կու գայ՝ կը լքէ ոչխարները ու կը փախչի, ձգելով որ գայլը յափշտակէ եւ ցրուէ ոչխարները
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:12
12
ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:1
Հաստատ գիտցէք, ան որ ոչխարներուն փարախը դռնէն չի մտներ, այլ ուրիշ տեղէ կը մագլցի, անիկա գող է եւ աւազակ.
Дослідити ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ 10:1
Головна
Біблія
Плани
Відео