ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2
2
Պօղոսի քարոզութիւնը Կորնթոսի մէջ
1Ես ալ, եղբայրնե՛ր, երբ ձեզի եկայ՝ իմաստասիրական մեծ–մեծ խօսքերով չէր որ ձեզի պատմեցի Աստուծոյ փրկութեան ծրագիրին մասին, 2որովհետեւ միակ նպատակ դրած էի՝ ձեզի ճանչցնել Յիսուսը՝ Քրիստոսը, այսինքն նոյնիքն խաչուած Փրկիչը։ 3Եւ ձեր քով եկած ատենս ալ տկար էր, սաստիկ վախ ու դողի մէջ, 4եւ իմաստութեան ճարտար խօսքերով չէր որ խօսեցայ կամ քարոզեցի, այլ՝ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ եւ ներգործութեամբ, 5որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուի Աստուծոյ զօրութեան վրայ, եւ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան։
Աստուծոյ իմաստութիւնը
6Սակայն հոգեւոր կատարելութեան հասածներուն իմաստութիւն ալ կը քարոզենք։ Բայց մեր քարոզածը ո՛չ այս աշխարհի իմաստութիւնն է, ո՛չ ալ այս աշխարհը կառավարող ոյժերունը, որոնց իշխանութիւնը շուտով պիտի խափանուի։ 7Մեր քարոզածը Աստուծոյ իմաստութիւնն է, որ թաքուն էր եւ մեզմէ ծածկուած կը մնար մինչեւ հիմա, բայց որ Աստուած սկիզբէն իսկ, յաւիտեաններէն առաջ մեզի տալ սահմանած էր, որպէսզի անով մենք փառաւորուինք։ 8Այս աշխարհի իշխաններէն ոեւէ մէկը չհասկցաւ այդ իմաստութիւնը. որովհետեւ եթէ հասկցած ըլլային՝ խաչը չէին հաներ Տէրը, որ այդ փառքը պարգեւողն է։ 9Սակայն, ինչպէս գրուած է.–
«Աստուած զինք սիրողներուն համար
պատրաստեց այնպիսի փառք մը, որ
ոեւէ աչք չէ տեսած,
ոեւէ ականջ չէ լսած,
եւ ոեւէ մէկուն միտքէն իսկ չէ անցած»։
10Բայց Աստուած մեզի յայտնեց այդ խորհուրդը իր Հոգիին միջոցաւ, որովհետեւ Հոգին, որ ամէն ինչ կը քննէ, գիտէ Աստուծոյ նոյնիսկ ամենածածուկ ծրագիրները։ 11Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ մարդուս խորհուրդները ճանչնալ, եթէ ոչ՝ նոյնինքն մարդուս հոգին որ իր մէջն է։ Նոյնպէս ալ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ Աստուծոյ խորհուրդները, եթէ ոչ՝ Աստուծոյ Հոգին։ 12Արդ, մենք այս աշխարհի հոգին չէր որ առինք, այլ՝ Աստուծմէ ղրկուած Հոգին, որպէսզի ճանչնանք Աստուծմէ մեզի շնորհուած պարգեւները։ 13Եւ ինչ որ կը խօսինք՝ մարդկային իմաստութեան բերումը եղող խօսքեր չեն, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կողմէ սորվեցուած իմաստութեամբ հոգեւոր ճշմարտութիւններ կը բացատրենք հոգեւոր մարդոց։ 14Աստուծոյ Հոգին չունեցող մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բերած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ անոնք յիմարութիւն կը թուին իրեն. եւ չի կրնար զանոնք ճանչնալ, որովհետեւ անոնք միայն Հոգիով կը քննուին։ 15Իսկ Աստուծոյ Հոգին ունեցող մարդը ամէն ինչ կը քննէ, բայց ինք ոեւէ մէկէն չի քննուիր։ 16Ահա թէ ինչու Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.–
«Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ,
որ կարենայ խորհուրդ տալ անոր»։
Բայց մենք գիտե՛նք թէ Քրիստոս ինչ կը խորհի։
Currently Selected:
ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԸ ԿՈՐՆԹԱՑԻՆԵՐՈՒՆ 2: WANTACoC
Highlight
Share
Compare
Copy
Want to have your highlights saved across all your devices? Sign up or sign in
© Bible Society Lebanon (BSL), 2001/2019